2014-07-18 10:08:37

Կեդրոնական Ափրիկէի եպիսկոպոսներու լիանիստ 10-րդ գումարը` ''Ընտանիքը ափրիկէի մէջ այսօր''։


6-13 Յուլիս 2014, Քոնկոյի Պրազվիլ քաղաքին մէջ, տեղի ունեցաւ կեդրոնական Ափրիկէի` Գամերունի, Չատի, Կապոնի, հարաւային Քինւէի եւ Քոնկոյի եպիսկոպոսներու լիանիստ 10-րդ ժողովը, ''Ընտանիքը Ափրիկէի մէջ այսօր'' նիւթով։
Այս առթիւ հրատարակուած եզրափակիչ յայտարարութեամբ Եպիսկոպոսները կ'ընդգծեն ընտանիքի կարեւորութիւնը, զայն նկատելով սիւնը` որու վրայ կը յենու ընկերութիւնը։ Ընկերութիւնը իր կարգին կանչուած է ընտանիքը պահպանել, պաշտպանել ու բարգաւաճել։
Եպիսկոպոսները ցաւով կը յայտնեն որ աւանդական ընտանիքը վտանգի մէջ կը գտնուի, ընկերա-քաղաքական յեղարշումին պատճառաւ, եւ թէ ընկերա-քաղաքական լարուածութիւնները ժխտականօրէն եւ անգիտակցաբար կ'ազդեն ընտանիքին վրայ։
Եպիսկոպոսները կը մատնանշեն թէ ընտանիքը ազդուած է ժամանակակից քաղաքակրթութենէն, որ յատկանշուած է շահամոլութեամբ, անհատապաշտութեամբ եւ ինչագաղցութեամբ։ Մինչ '' ձրիութիւնը'' էութիւնը կը կազմէ սիրոյ, որ իր կարգին կը զիջի` շահի դիմաց։ Եպիսկոպոսները իրենց պատգամին մէջ կը խօսին ընտանիք-ամուսնութիւն կապին մասին, ընդգծելով կաթողիկէ եկեղեցւոյ յանձնառումը օգնութեան հասնելու դժուարութեան մէջ գտնուող քրիստոնեայ զոյգերուն եւ ընտանիքներուն, սերտելով ընտանեկան նոր հովուական հոգատարութիւն մը որ կարող ըլլայ համապատասխանել մեր ժամանակի մարտահրաւէրներուն։
Կեդրոնական Ափրիկէի եպիսկոպոսները մտադիր նաեւ են վերատեսել ''ընտանիքի հովուութիւնը'' եւ լաւագոյնս պատրաստել հաւատացեալները ամուսնութեան խորհուրդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.